Մատթէոս Զարիֆեանի գրականութիւնը կը զուգադիպի պատմական եւ հոգեբանական բացառիկ պահու մը: Այդ տարիներուն երբ ինք սկսաւ գրել (1918 — 1924), ամայացած էր մեր գրական անդաստանը : Արեւմտահայ գրականութեան վարպետները նահատակուած էին, իսկ բախտով ազատուածները ՝ տարագրութեան մէջ: Դադրած էր հնչելէ անձնական յոյզերու մտերմիկ լարը, քնարերգութեան լարը:
Ահա այս կացութեան մէջ կը յայտնուի Զարիֆեան, իր գերազանցապէս նուրբ զգայնութեամբ :
Կ՛երգէ սէրը, տրտմութիւնը եւ մահը:
Հակառակ իր քերթուածները պարուրող տրտմութեան շղթային, Զարիֆեանի մէջ վառ կը գտնենք կեանքի սէրը…«Կեանքը….որքա՜ն կը սիրեմ զայն հիմա: Տէր Աստուած, արդեօք շատ ուշ չէ՞…»
Թոքախտէ տառապող երիտասարդ բանաստեղծը կը հեգնէ մահը եւ շեշտ կը նայի անոր աչքերուն մէջ: Իր մէջ մէջ կ՛առկայծի կեանքի եւ սիրոյ կարօտը՝ մահուան չարաշուք ստուերին ներքեւ:
Կեանքը …հոյակապ հրաշալիք մըն է: Ինչպէ՜ ս կ՛ուզեմ կմախքացած բազուկներուս ամբողջ յուսահատութիւնով փաթթուիլ անոր ու պաղատիլ որ չլքէ զիս…»
Զարիֆեան մինչեւ վերջին շունչը կրցաւ պահել իր հոգեկան արիութիւնը, բացականչելով.
Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, ճակատագիր.
Անսահման ծիծաղ մ՛ունիմ քեզի դէմ…
Զարիֆեանի քերթողութեան մէջ տիրական կը մնայ ազնուական այն տրտմութիւնը, որուն մէջ ընկղմած իր հոգին ստոյիկի մը համբերութեւմբ եւ քաջութեամբ կրեց ճակատագրին հարուածները եւ արհամարհեց ցաւն ու մահը:
Զարիֆեան «փոքրիկ երգերով մեծ վիշտ կ՛երգէ» ,ինչպէ ս կ՛ըսէր Հանրի Հայնէ:
Ինքնաբուխ եւ անճիգ հոսումով, պարզութեամբ եւ հաղորդականութեամբ բնորոշուող իր տողերով կ՛արտայայտէ ամենէն խոր ապրումներ եւ զգացումներ:
Յակոբ Օշական խօսելով Զարիֆեանի մասին ըսած է.
«Չեմ գիտեր ինչու՞ այդ սիրտը բացուած գերեզմանի մը պէ սկը ճնշէ վրաս եւ անոր եզերքը նայելու համար մարդ բուռվար կը փնտռէ» :
******
Ան չէ՜…
Հոգիս կը տանջէ
Ջութակ մը հեռու.
Իզու՜ր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜…
Ահ, նուագը՜ն այս խոր
Ամառ գիշերուան.
Կարծես թէ կուլան
Աստղերը բոլոր…
Իզու՜ր շուքերու
Կը նայիմ — Ան չէ՜,
Հոգիս կը տանջէ
Հոգի մը հեռու…
*****
Կարեկցութիւն
Պզտիկ աղջիկ մ ‘ինծի կ’ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ’ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր՝
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի.
Յետոյ գացի՝ հեռո՜ւն լացի…
********
Մատթէոս Զարիֆեան (1894 – 1924)
P.S. Խոհեր ՛մտորումներ, Արաքսից
Կեանքը գեղեցիկ է կ՛ըսեն….այո՛ վիզէն վիրաւոր թռչունի մը գեղեցկութեամբ:
Օրեր առաջ միայն, կեանքի եւ մահուան միջեւ մաքառող հարազատ էակի մը աղերսանքն ու վհատական հոգեվիճակին բալասան դարձող աղօթքներուս արձագանքին խորութիւնը, երանութեան եւ անանձնական ուրախութեան պերճանքը կը պարգեւէ հոգւոյս…. Կեանքը որքան բարդ կը թուի, այնքան ալ ջինջ ու պայծառ է.մարդիկ իրենք միայն իրենց անձնասիրութեամբ եւ գոռոզութեամբ բեռ կը դառնան շրջապատին եւ անշնչելի կը դարձնեն կեանքը…
Կեանքը լիարժէք է .կեանքը անանձնական ուրախութիւնն է.մեր նմաններուն աչքերէն հոսող արցունքները ամոքելն է-«Տու՛ր ինծի Տէր ուրախութիւնն անանձնական»: Կ՛աղօթէր Մեծարենց:
Բարութիւնը յորդառատ գետ է.որ իր լուսաշող ճանապարհին՝ բուրեան աստղեր կը ցանէ:
********
Մատթէոս Զարիֆեան — ծնած էր 1894ին, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած էր Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ «Ռոպըրթ Գոլէճ» եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1912ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով։ Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած էր ողիմպիական մրցախաղերու եւ մրցանակներու տիրացած։
Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց։ Թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպեց 19ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։ 1914ին զինուորակոչուեցաւ եւ օսմանեան բանակի մէջ հայ զօրակոչիկներուն վերապահուած տաժանակիր աշխատանքը արագացուց արդէն քայքայման ընթացքի մէջ գտնուող անոր առողջութիւնը։
Տեղափոխուեցաւ զինուորական հիւանդանոց, բայց առողջութիւնը բնաւ չվերականգնեցաւ։
1918ի զօրացրւումէն ետք, հակառակ թոքախտին պատճառած ցաւերուն ու հիւծումին, Զարիֆեան վերադառնայ կրթական ասպարէզ եւ նոյնինքն Պէրպէրեան վարժարանի մէջ անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ դարձաւ։ Փաստօրէն այդ շրջանին էր, 1919 էն սկսեալ, որ Զարիֆեան մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
Մահացած է 1924 թվականին։