Կ. Պօլիս, 14 Սեպտ. 1907
Զիմառա
Սիրելի Տէր Հայր,
«Ծիածան»ի առթիւ գրած նամակնիդ անգամ մըն ալ կը կարդամ զգածուելով. «ինչո՞ւ Տիեզերքի հոգիին հետ չես խօսակցիր», կը գրէք. բայց դիտելի է, որ իմ գրեթէ բոլոր քերթուածներս այդ մեծ խօսակցութեան կը նկրտին, որքան որ ալ իմինս չըլլայ Աստուծոյ հետ դէմ յանդիման խօսակցութիւն. բայց ո՞չ ապաքէն Աստուած ամէն տեղ է. «Ձմրան պարզ գիշերուան մէջ» հծծած աղօթքս ու արեւին ուղղած պաղատանքս Իրեններուն, հետեւաբար եւ Իրեն համար էր. ի՜նչ երջանկութիւն, տերեւի մը խարշափին մէջէն տեսնել տիեզերական զօրութեան գաղտնիքը, ու այդ փոքրիկ մասնաւորէն մեկնիլ դէպի անհունը. «իրերը անհունութեան վրայ բացուած պատուհաններ են իմաստասէր աչքին համար» (Քարլայլ ) ու զարմանալի չէ, որ Էմըրսըն «ժամադրած ըլլայ Աստուծոյ հետ՝ մացառի մը ծոցին մէջ»։ Ուրախ եմ, որ երկրորդ հատորիս մէջ աւելի լայնօրէն տեղ տուած եմ այս գաղափարիս. հունաւորը կը բարձրանայ, կ’երկարաձգուի դէպի անհուն, ինչպէս արահետ մը՝ որ լերան կողն ի վեր մինչեւ կատարը կը հասնի. ինչո՞ւ սպասել ստորոտը ու կատարին գովքը կարդալ, փոխանակ յանձնուելու արահետին, որ պիտի բարձրանար։
Գիւղի տեսարանները իմ մեծագոյն ներշնչարանս կը կազմեն. որքա՜ն կը ցաւիմ որ էապէս իրենց զաւակը չեմ իմ բանաստեղծութեանս մէջ. այն ատեն աւելի ինքնատիպ ու ապրող կ’ըլլայի։ Անշիջանելի բաղձանքս եղած է վերստին տեսնել ու ապրիլ գիւղիս ծոցը՝ նորոգուիլ իր տեսարաններուն ու գեղեցկութեանց աւիշով։
Ֆիզիքական վիճակս որ արդէն թելադրիչ է այս բաղձանքին, ծննդավայրիս գգուական օդը ամոքիչ ըլլայ թերեւս, բժիշկս ալ այս պատուէրը տուաւ. շատ հետաքրքիր կ’ըլլայի իմանալ Զիմառայի աշխարհագրական դիրքը, ծովէն ունեցած բարձրութիւնը, օդին վիճակը. թերեւս կարենամ հոն վերջնապէս կազդուրուիլ մարմինով ու միտքով ալ։
Սիրալիր կ’ողջագուրեմ քրորդիներս, քրոջս ձեռքը կը համբուրեմ եւ ձեր սուրբ աջը։
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ