Հրանտ Նազարեանց
Ավետիք Իսահակյանին
Պարի, 1 Օգոստոս 1926
Ազն. Պրն. Աւետիք Իսահակեան
Վենետիկ
Թանկագին վարպետ,
Սրտի խորին հրճուանքով ստացայ Ձեր նամակը: Կուզէի գրել Ձեզ բայց չունէի ձեր հասցէն ու կը կարծէի որ Հայաստան գտնուիք: Գիտեք ինչ սրտագին անկեղծ սիրով կը յարգեմ Ձեզ ու որքան հիացում ունիմ Ձեր արուեստին համար: Ջերմ փափաքս էր Ձեր զմայլելի քերթուածներէն շարք մը թարգմանաբար հրատարակել «Fantasma» գրական ամսագիրին մէջ որուն տնօրինութիւնը ստանձնած եմ հինգ տարիէ ի վեր յայտնի իտալացի գրագէտ Ռօպերթո Սարվազիի հետ: «Fantasma»ի մէջ հրատարակած եմ արդէն Ահարոնեանէ, ողբացեալ Զարդարեանէ, Սիամանթօէ, Վարուժանէ, Տէմիրճիպաշեանէ ու ուրիշ շատ մը հին ու նոր հայ բանաստեղծներէ եւ արձակագիրներէ էջեր՝ կենսագրական ու գրախօսական նօթերով. ծանօթացնելու համար, այսպէս, հայ միտքը ու հոգին իտալացիներուն:
Պիտի խնդրէի ուրեմն ձենէ որ հաճէիք ուղարկել ինձ ձեր բանաստեղծութեանց հատորները ու ձեր մէկ վերջին լուսանկարը, արտօնելով ինձ ձեր քերթուածներէն ընտրեալ շարքի մը իտալերէնի թարգմանութիւնը ու հրատարակութիւնը Fantasmaի մէջ: Որպէսզի գաղափար մը ունենաք մեր հանդէսի մասին այսօրուան թղթատարով կուղարկեմ Ձեզի Fantasmaէն քանի մը թիւ:
Կը խրկեմ Ձեզի նոյնպէս իմ իտալերէն աշխատասիրութենէս մէկ քանին: Անոնցմէ շատերը սպառած են: Այս տարի լոյս պիտի տեսնէ քերթողական լաւագոյն աշխատասիրութիւններէս մին որ հրատարակուելուն պէս պիտի փութամ ուղարկել Ձեզի: Կը կարծեմ որ իտալերէն լեզուն լաւ կը ճանչնաք:
Թանկագին ու սիրելի Պ. Աւետիք Իսահակեան, բնաւ մտադրութիւն չունի՞ք Իտալիոյ այս կողմերը գալու: Շատ երջանիկ պիտի ըլլայի զՁեզ վերստին տեսնելով ու ցոյց տալով «Նոր Արաքս»ը որ փոքրիկ Հայաստան դրախտավայր մը դարձած է Պարիի հայ գաղութին համար որ իր ապրուստը կը շահի հոս հաստատած գորգի գործատունին մէջ:
Շուտով ու սիրով պիտի ուղարկեմ Պ. Դաւիթ Անանունի նահատակած անմոռանալի սիրելի ընկերոջս Գարեգին Կոզիկեանի մասին յուշեր ու տեղեկութիւններ ու պիտի գրեմ երկարօրէն Պ.Անանունի:
Ջերմապէս կը փափաքեմ ծանօթանալ Հայաստանի նոր գրական կեանքի հետ ու շատ շնորհակալ պիտի ըլլայի եթէ հաճէիք գրել Ձեր բարեկամներուն հոն որպէսզի ուղարկեն ինձի գիրքեր ու հրատարակութիւններ: Սիրով պիտի ծանօթացնէի զանոնք հոս Իտալիոյ ժողովուրդին:
Գրեցէք ինծի, սիրելի վարպետ, երբեմն ու ընդունեցէք եղբայրական սիրալիր բարեւներս:
Ձերդ՝ Հրանտ Նազարեանց