1912, 15/28 հոկտեմբերի, Կ. Պոլիս
Շնորհալի աշակերտուհի
Օրիորդ Մարինոս Ստամպօլեանին.
Ողջոյն Ձեր նոր կեանքին:
Անվեհեր յառաջ համեստօրէն՝ իբր շուշան հովտաց, ազնուօրէն՝ իբր վարդ բուրաստաններու եւ փայլակն՝ իբր զտուած ոսկի:
Ողջոյն Ձեր նոր կեանքին:
Ձեր յոյսերը բեղուն՝ որպէս գարուն,
Ձեր ջանքերը վառ՝ որպէս ամառ,
Ձեր գործերը զեղուն՝ որպէս աշուն,
ապա, հանգիստ լեր՝ որպէս ձմեռ,
որ նոր գարնան դուռ կը բանայ:
Ողջոյն Ձեր նոր կեանքին:
Կոմիտաս
Աղբյուր՝ Komitasmuseum.am