«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
* * *
«… Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան ազգ ու լեզու. եւ հերոսներ, որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ։ Իսկ մե՞նք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ։ Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ. ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային։ Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»…
* * *
«Թունաւորուեցանք, ազգովին թունաւորուեցանք: Ահա՛ թէ ինչու պարտուած ենք: Պարտուածներ ենք, որովհետեւ այդ վանականին հաշմանդամ հոգիին պէս արհամարհեցինք եւ անգիտացանք գոյութիւնը մեր եսին, մեր ուժին, կամքին, անհատականութեան.- չկռուեցանք, չխածինք, չմաքառեցանք: Քրիստոնէական վարդապետութեան անոր սխալ ու թերի մեկնութիւնը ընդունելով՝ եղանք անմտօրէն կրաւորական, համակերպուող, աղերսարկու, անգիտակից»։