Վախցիր երբ սիրտդ կարիւնի,
Վէրքը խղճի չունի դարման,
Օր ու գիշեր պիտի բանի.
Մինչեւ հատնի կեանքի ճամբան:
Քեզ չեն կարող էլ վշտակցել,
Խիղճդ ծակող ցաւի համար,
Խղճի արեան ամէն կաթիլ
Կ՛իյնայ ծածուկ եւ աննշմար:
Վախցիր երբ սիրտդ անբասիր,
Մեղապարտի պէս կ՛արիւնի
Եւ կդառնայ տէր ու դպիր
Կեանքն արիւնող ամէն ցաւի:
Աչքերիդ դէմ խղճահարի
Պիտի յորդի մեղքը մարդոց,
Պիտի քայլի զօրքը չարի.
Աշխարհի մէջ տառապակոծ:
Վախցիր երբ դէմքդ է միշտ ժպտուն,
Բայց կարիւնի խիղճդ ներսէն,
Երբ կը կիսես հացը մարդուն,
Բայց արեան համ կը գայ հացէն: