Ընտանեկան կամ առտնին դաստիարակական վարժոցին մէջ ո՞յք են այն բնախօս եւ մեծ վարժապետները. որոց ի բնութենէ յանձնուած է իրենց զաւակաց կրթութեան հոգատարութիւնը։
Այդ` աշխարհ գիտէ. եւ բնութիւնը ինքնին կ՚ուսուցանէ, թէ ընտանեկան դպրոցին մէջ օտար մանկավարժ չի կայ. այլ միայն նոքա են հեղինակ ու դաստիարակը, որոց պատկառելի եւ քաղցր անունը` հայր եւ մայր կը կոչուի։
Այո՛, մանուկները մի ճշմարիտ եւ նախախնամող բարի հայր եւս երկնից մէջէն ունին, որ զիրենք կը ստեղծէ եւ կը բերէ ի լոյս. երկնքէն անձրեւ եւ արեւ, երկրէն հաց եւ ջուր բաշխելով` կը պահպանէ եւ կը սնուցանէ մանուկներու կեանքը. նոքա կ՚աճին ու կը զարգանան, եւ մեք կը զարմանանք տեսնելով, որ տհաս մանուկը` հասակաբարձ մարդ եղաւ։
Ուստի արդար չափով չափենք ու բաժնենք երկնից Հօր խնամք եւ ծնողաց պարտիքը։ Արդ երբ շունչ եւ կեանքը` երկնից Հօրն է, սքանչելի պատկերն ու կերպարանքն` երկնից Հօր, արեւ, անձրեւ, հաց եւ ջուր, երկնից Հօր. հասակն եւ աճումն` երկնից Հօր. այլ եւս ի՞նչ կը մնայ երկրաւոր Հօր եւ մօր բաժինն, եթէ ոչ միայն դաստիարակութիւն։
Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնուած զաւակներուն աչքը դէպ ի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել. որպէս զի աշխարհը տեսնան, մարդոյն կեանքը տեսնան, լոյս ու խաւարը որոշեն, բարին ու չարը ճանչնան. եւ մեծ քան զամէն` զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին։
Եւ իրա՞ւ է արդեօք որ մանուկներն առ հասարակ կոյր կը ծնին. ո՞չ ահա կը տեսնամք որ պայծառ աչեր ունին. կը տեսնան ու կը խաղան հրապարակներու մէջ։ Եթէ մանուկներն ի ծնէ կուրին պէս աշխարհ կուգան. այլ եւս ի՞նչ մեղադրութիւն կայ իրենց ծնողաց. միթէ ծնողք կարո՞ղ են Յիսուսին պէս ձեռք դնել եւ հրաշագործելով կոյրերը լուսաւորել։
Այդպէս է, հայրեր ու մայրերը հրաշագործ չեն, նոքա կարող չեն մարմնով կոյրերը բժշկել. այլ մեր խօսքը` մանուկներու մտաւոր կուրութեան վերայ է, որոց բժշկութեան լոյսը` ծնողաց դաստիարակութեան ձեռքն է. եւ այդ ձեռքը` պարտաւոր է, որ անդուլ անդադար գործէ ընտանեկան կեանքին մէջ, եւ մշակէ նորա դարաստանին նորատունկ ծաղիկները։ Այդ ձեռաց պարտիքն է այո՛ որ խլէ մանուկներու սրտէն անպիտան եւ խոտան բարքը, սերմանէ ու տնկէ նոցա տեղը ճշմարիտ բարին եւ օգտակարը։
Մենք կը հաւատամք. եւ Դաւիթը կը վկայէ թէ Աստուած առանձին առանձին կը ստեղծէ մարդոց սիրտերը, եւ նոցա գլխոյն մէջ կը զետեղէ հանճարոյն ամանը։ Բայց գիտենք նաեւ, որ այդ կենդանի ամանը ի սկզբան դատարկ է, երբ մարդը մանուկ է ու տղայ. եւ ո՛վ կը լեցնէ առաջին նուազ այդ անբաւ դատարկութիւնը, թէ բարի եւ թէ չար գաղափարաց նիւթերովը յայտ է թէ այդ պարապ ամանին մօտ ու մերձաւոր ձեռքը` միայն ծնողաց ձեռքն է. ինչ որ ուզեն` զայն կարող են լեցնել, եթէ բարի եւ եթէ չար։
Ահաւասիկ սկիզբն աստի է բարւոյն ու չարին. ապա թէ ոչ ուստի՞ կը յաւելուն բարի ու չար մարդիկը մարդկային ընկերութեան մէջ։ Միթէ դոցա սկզբնական աղբիւրը ընտանեկան կեանք չէ՞։ Ես վկայ ունիմ ու կը բերեմ աստ Յիսուսի վճռական բանը, որ մարդոյն սիրտը` բարի եւ չար գանձուց աղբիւր կը համարի. «Մարդ բարի, ի բարի գանձուց սրտի իւրոյ բղխէ զբարի, եւ մարդ չար` ի չարէն բղխէ զչար»:
Ուստի մարդ ինքնին կարող չէ մակաբերել, թէ մարդ իւր մանկութենէն սկսեալ իւր սրտի գանձարանին մէջ հետզհետէ կ՚ընդունի թէ բարին եւ թէ չար. եւ զոր ինչ ընդունած է նախապէս` զայն միայն կ՚արտադրէ դուրս նմանապէս թէ բարին եւ թէ չարը։
Մանուկ` մինչդեռ մանուկ է, չգիտէ որոշել չարն ու բարին. ինչ որ իւր ծնողաց բերնէն լսէ, եւ ինչ որ նոցա կեանքի մէջ օրինակով տեսնայ` զայն միշտ բարի կը կարծէ. եւ միթէ ծնողք իրենց որդւոց համար չարակա՞մ են, թէեւ իրենք չար լինին։ Առ այս կը օսի Յիսուս իւր Աւետարանով. «թէ «Դուք որ չարքդ էք, գիտէք պարգեւս բարիս տալ որդւոց ձերոց» եւայլն։
Աւետարանին այս ակնարկութիւնը, որ երկնաւոր հօր եւ երկրաւոր ծնողաց բարիքները համեմատելով` ցոյց կուտայ թէ քանի՞ առաւել եւ գերագոյն է Երկնաւոր Հօր տուած բարիքները, եւ միանգամայն եւս ցոյց կու տայ թէ քանի՞ առաւել եւ գերագոյն է Երկնաւոր Հօր տուած բարիքները, եւ միանգամայն եւս ցոյց կուտայ թէ երկրաւոր ծնողք` միայն բարեաց մատակարար կը լինին այս առօրեայ կենաց մէջ. անցաւոր բարիքները եւեթ գիտեն պարգեւել իրենց որդւոց. զոր օրինակ հարստութիւն, գանձ, հայրենի ժառանգութիւն եւ աշխարհիս այլեւայլ նիւթական բարիքները։
Մեծապէս կը սխալին ծնողք, եթէ այնպէս հաւատան, որ այս նիւթական բարիքները, առանց հոգեկան ու բարի դաստիարակութեան` մնայուն ու ճշմարիտ բարիք են որդւոց համար։ Ո՛չ, մեք փորձով կը տեսնամք աշխարհիս վերայ, որ հարուստ մեծատանց զաւակները, երբ առանց հիմնաւոր դաստիարակութեան հայրենի մեծագանձ փարթամութեան ժառանգորդ եղած են, եւ որոց կեանք ու վարքը պատմութիւնը շատ օրինակներով կը հանէ մեր առաջ, զոր կարդալով կը խելամտիմք, թէ այդպիսի անդաստիարակ ժառանգորդները վերջոյ չքաւորեր են. ազնուական ծնելով` ստրուկ մեռեր են. եւ փոխանակ իրենց տոհմական անունը յարատեւ փառաց մէջ բարձր պահելու` զայն ջնջեր են անարգութեամբ, անյիշատակ եւ անանուն գնացեր են աշխարհէս։
Ուստի յետամնաց զաւակներու համար, ստոյգ, հիմնական ու յարատեւող բարիքը` միայն ուղիղ դաստիարակութիւնն է. առանց այս ճշմարիտ պայմանին` Նոքա` ինչպէս կը խօսի Իմաստունն, ծնողական փտեալ արմատէն բուսած փուտ շառաւիղներ են։ Որք թէպէտ առ ժամանակ մի անպտուղ ծաղիկներով կը ծաղկազարդին, եւ այնպէս կը կարծեն մարդիկ աչքախար լինելով` թէ այդ ընտանեկան դարաստանը բախտաւոր ու երջանիկ է. կ՚անցնին մօտէն եւ երանի կուտան, տեսնելով զայն իբրեւ Լիբանանու անտառը բարձրացած։ Կ»անցնին եւ ապա յետս դառնալով կը դիտեն` որ այլեւս ոչ գոյ։ Ընտանի շառաւիղներն արմատովին խլուած են, մեծագանձ փարթամութիւնը` վատթար կեանքի մէջ փճացեր է, հայրենի չէն տուն` անշէն աւերաւ դարձեր է. եթէ մնացեր է մի մնացորդ ճիռ, այն եւս աւերակ տան փողոցի անկիւն նստած հաց կը մուրայ. անցորդներուն առաջ վկայ լինելով` թէ ես քանդեցի հօրս տուն։ Այս է ահա վախճանը անդաստիարակ զաւակներուն, եւ այս է արդիւնք եւ պտուղը նիւթապաշտ եւ անհոգ ծնողաց։
Ո՛վ կը հաւատայ թէ աշխարհիս թշուառ աղքատները` ամէնքն եւս դառն ու դժբախտ դիպուածներէն մուրացիկ եղած են։ Ո՛չ, այդպէս չէ, մարդիկ կը պատմեն ու կը վկայեն, եւ ես նոյն իսկ ներկայ կեանքին մէջ կը տեսնեմ ու կը ճանաչեմ զիրենք` որ հայրենի տան ապարանից բարձր պատշգամէն իջեր խոնարհեր են մինչեւ գետնի փոշիի վերայ, չորաբեկ մի կտոր հացի անգամ կարօտ մնալով։ Անշուշտ նոքա այդ անբախտ վիճակին հասնելով` անագան ուրեմն կուշաբերին, ինչպէս այն կրասեր անառակ որդին, զոր ի դէմս մեր բերելով կը խօսի Յիսուս, եւ կամ թէ այն չարաժառանգ զաւակը, որոյ համար կը պատմեն հին իմաստասիրաց բանք. թէ հայրենի տան բազմագանձ հարստութիւն շռայլաբար վատնելով` մի օր առուի եզերք նստած չորաբեկ ու ցամաք հացը ջուրի մէջ թաթխելով պարկեշտաբար կ՚ուտէր Սոկրատ բարոյական իմաստասէրը հոն պատահելով` կը դիտէ եւ կ՚ըսէ այս բանը։ «Պատանի դու, եթէ այդպէս կեցեալ էիր, այժմ զխորտիկս ճաշակէիր»։
Աշխարհիս ընկերական հրապարակի մէջ, ջուրերուն եզերքը որչա՞փ կան այնպիսի ապերջանիկ զաւակները, որք իրենց շռայլ կեանքին երեսէն ազնուական բարձրութենէն ի թշուառութիւն խոնարպեր են, որով իրենց հայրենի տան տոհմական փառք իրենց վերայ կը վերջանայ։
Այսպէս է, մշտապէս վառ չի մնար տան ճրագ, եւ կը շիջանի շուտով երբ դաստիարակութեան լուսով վառուած չէ։
Ուրեմն զաւակաց ապագայ կեանքը` ծնողաց դաստիարակութենէն կախումն ունի։ Եթէ ի սկզբան մատաղ զաւակները բարի եւ ուղիղ դաստիարակութիւն ստացած են այլ եւս տարակոյս չի կայ որ հայրենի տան ճրագ մշտավառ կը մնայ, եւ ընտանեկան առհասարակ բարեկեցիկ կեանխ կը վարեն։
Ս
ակայն գո՛նէ գրենք փոքր ի շատէ, թէ ընտանեկան կենաց մէջ ի՞նչ եւ ո՞րչափ են ծնողաց կրթական դասերը, եւ կամ բարի եւ ուղիղ դաստիարակութեան պայմանները։
Ծնողական դաստիարակութեան մէջ առաջին մեծ դաս եւ առաջին մեծ գիտութիւնը կրօն եւ Աստուածպաշտութիւնն է. եւ սորա միակ դասագիրքն է Աստուածաշունչ մատեանը. թէպէտ բարձր եւ վսեմ գաղափարներ են Աստուածապաշտութեան գաղափարները. մանուկները կարող չեն ըստ արժանւոյն ըմբռնել զայն. ինչպէս արդի դաստիարակ մատենագիրներէն ոմանք փորձառապէս կը դիտեն` թէ խիստ ապաժամ է մանուկներու անզօր միտքը դէպ ի երկինք հանել, որ դեռ իւր շրջապատ եղած երկրի բաները չգիտէ։
Ես կ՚ընդունիմ այս կարծիքը, այլ ես չեմ խօսիր աստ այն դասերուն համար` զոր դպրոցի ուսմանց կարգին հետ կ՚աւանդեն կրօնուսոյց դասախօսները. ես կը խօսիմ կրօնի նախակրթութեան վերայ, որ դաստիարակութեան շէնքին առաջին հիմնաքարն է, եւ զոր պէտք է միայն ծնողաց ձեռքը այդ երկնից արքայութեան հիմնաքարը ձգէ ու հաստատէ մանուկներու սրտին մէջ։ Չեմ խօսիր նաեւ, որ ծնողք իբրեւ աստուածաբան վարդապետ ճառեն կրօնի բարձրութեան վերայ։ Ո՛չ, ծնողաց դասերը շատ պարզ ու բնական են. մանուկ երկինքը եւ աստղերը տեսնելով` զաներեւոյթ Աստուած կ՚ըմբռնէ. նա երկիր, ծառեր ու ծաղիկներ տեսնելով հետաքրքիր կը լինի, կը հարցնէ գիտնալ կ՚ուզէ թէ ո՛վ է երկնի եւ երկրի զարդարող Արարիչը։ Մանուկ շատ անգամ իւր սրաբիբ աչքերը տիեզերքին վերայ ածելով` ինքնին գիտես թէ ուշադիր կը լինին եւ իմանալ կ՚ուզէ ի՞նչ է արեւ, ի՞նչ է լուսին, ի՞նչ են աստղերը եւ ի՞նչ է աշխարհ, ծովն ու ցամաքը։
Մանուկ իւր այս հարցաբանութեան մէջ փաստ չի խընդրեր ծնողաց դասերուն, թէեւ սխալ ինի` նա ուղիղ եւ կատարելապէս կը հաւատայ, բաւական է, որ ծնողք ձանձրոյթչը զգան, այլ երկայնամիտ ոգւով պատասխանեն ինչ որ մանուկը կը հարցանէ։
Կրօնի եւ Աստուածապաշտութեան դասերը` դժուարին եւ անըմբռնելի դասեր չեն. մանուկներ եւ պարզամիտները հաւատով շուտ կ՚ըմբռնեն զայն, վասն զի Աստուծոյ յայտնութիւնը տղոց համար է, ինչպէս կը յայտնէ Յիսուս. «Հայր, գոհանամ զքէն, զի ծածկեցեր զայս յիմաստնոց եւ ի գիտնոց եւ յայտնեցեր տղայոց»։ Այո՛, Յիսուսի յայտնութիւն սիրող աւելի Գալիլեացի տխմար ձկնորսներ էին. եւ գեղացի բոկոտն փոշոտ մանուկներն, որ կը վազէին նորա գիրկը, որ գրագէտ դպիրները արհամարհելով կ՚անցնէին։
Ծնողական դասերուն մէջ ճարտարախօսութիւն, փիլիսոփայութիւն բնաւ պէտք չունի, հապա զիջանելով` մանկական հասակին համեմատ հարկ է պարզ, ընտանի եւ սիրալիր խօսքերով աւանդել կրթութիւնը։ Գիտնալով, որ տղայոց դաստիարակութեան մեծ պայմանն` ծնողական զորովն եւ բնական սէրն է. միայն թէ այդ սիրոյն մէջ չը զեղծանին ծնողք, կամ չափազանցութեամբ եւ կամ խիստ եւ անհոգ սառնութեամբ։
Այս երկու կերպ վարմունքն եւս միօրինակ վնասակար են դաստիարակութեան եղանակին մէջ։ Վասն զի չափազանց սէրը` չափազանց ազատութիւն եւ համարձակութիւն յառաջ կը բերէ տղայոց դիւրազգաց եւ անհաստատ բնաւորութեան մէջ, այլ եւ այլ յոռի կիրքերով հանդերձ. որով կը լինին նոքա կամակոր, ինքնահաւան, զայրացկոտ, եւ սաստիկ պահանջող։
Իսկ չափազանց խստութիւնը` կը ճնշէ եւ կը ջլատէ տղայոց բնաւորեալ աշխոյժ եւ զուարթ ոգին, որով կը բթանայ միտքը, սիրտ կը թանձրանայ եւ որդիական գորովն թմրիլ կ՚սկսի։ Շատ անգամ եւս կը դառնանայ, կը սրամտի իր ծնողաց դէմ. մանաւանդ երբ ծնողք չարաչար անարգանօք ու բրածեծով` դաստիարակութեան հին փորձ կը փորձեն տակաւին։
Յոռի դաստիարակութեան զաւակները այս կերպով վրէժ կը լուծեն իրենց խստասիրտ ծնողքներէն, եւ իրենք եւս գիտեն թէ օրինակ առնելով խստապարանոց կը լինին. եւ կը մոռնան ծնողական մեծ երախտիքը, մօրն անոյշ գրկարանին կաթն եւ հօր սեղանին հացն։
Զարմանք չէ, որ անարգ դաստիարակութեան այս արգասիքը համէ, եւխստութիւնը` ուրիշ խստութիւնը ծնանի։ Վասն զի ծնողք միայն մարմնով չեն ծներ իրենց զաւակները, այլ բնաւորութեամբ եւս կը թնին, որով ընտանեկան կեանքին մէջ զաւակները բնապէս սովորած են իրենց ծնողաց բնաւորութենէն եւ օրինակէն փոխ առնել։ Արծւոյ չափ սրատեւ են մանուկներու աչքը, քաջ կը դիտեն իրենց ծնողաց կեանքը եւ շարժումն. եւ ըստ այնմ կ՚ընդունին եւ կը հետեւին եթէ առ չարն` եւ եթէ առ բարին։
Ուստի ծնողաց ամենամեծ եւ սեպուհ պարտիքն է, որ բնախօս ու մտաւոր դաստիարակութենէն առաւել, բարի գործոց օրինակով դաստիարակեն իրենց զաւակները։ Թող համոզուին ամէն ծնողք, որ մի բարի օրինակ առաւել ազդու եւ տպաւորիչ է քան հազար խրատ. եւ սորա բնական պատճառն այն է որ մեր աչքին զգայարանքը շատ զգայուն եւ ներընդունակ է, որ իբրեւ ներս կ՚ընդունի եւ կը տպաւորէ զայնս մեր սրտին եւ ոգւոյն վերայ։
Մանուկները թէպէտ պատանի եւ երիտասարդ հասակի մէջ` երբ ընտանեկան կեանքէն դուրս արտաքին ընկերութեան մէջ կը մտնեն, շատ չարօրինակ գայթակղութիւնները կը տեսնան, կամ կը խորշին եւ կամ կ՚ընդունին. բայց ամենէն աւելի չարագոյն գայթակղութիւն է այն, զոր մանուկները ընտանեկան կեանքի մէջ կ՚ընդունին. եւ առաւել եւս չար այն է, եթէ բուն ծնողաց օրինակներէն ընդունին։ Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէս զի երբէք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան` իրենց զաւակներուն։ Իսկ վա՜յ եւ եղու՜կ այն ազգոյշ ծնողաց, որք ընտանիք եւ մանուկները իբրեւ չմարդ համարելով` իրենց անբարի կեանք ու վարմունքը նշշաւակ կը կացուցանեն նոցա առաջ, արտաքին եւ օտար գայթակղութենէն աւելի` իրենք իսկ գայթակղութիւն կը լինին զաւակաց ու ընտանեաց, եւ նոցա ապագայ կեանքը մանկութեան մէջ կը մեռցունեն։
Յիսուս ամէն գայթակղութիւն տուողաց համար սոսկալի պատիժ կը սպառնայ, եւ բարւոք կը համարի, որ նոքա շուտ բարձուին աշխարհէս եւ իշոյ երկան կապելով նոցա պարանոցը ձգուի ծով, թող մինչւ յանդունդ սուզանի ծածկուի նորա չարօրինակ պատկեր եւ յիշատակը մարդոց աչքէն, որ այլ եւս չը կարենան տեսնել ու գայթակղիլ։
Ստոյգ հաւատացէք, ով դուք ընտանեաց ծնողք, որ պատասխանատու էք առաջին Աստուծոյ, եւ միանգամայն մարդկային ընկերութեան առաջ եթէ չար զաւակը թողուք աշխարհիս վերայ. դուք երթալէն յետոյ` ձեր մեղքը պարանի պէս ձեր ետեւէն կը ձգէք, որով ոչ միայն սոսկ մի ընտանեկան կեանքը կը զեղծանէք, այլ եւ ժողովուրդ, ազգ եւ հայրենիքը։
Այսպէ՛ս, ինչ որ յոռի դաստիարակութիւն կը քանդէ, ուղիղ դաստիարակութիւն կը շինէ, եւ սորա շինողք բարոյական ճարտարապետները` միայն ծնողն են առ տնին կենաց ու դաստիարակութեան պաշտօնին մէջ։
Ոչ ոք թող այնպէս չը համարի եւ այնպէս չի հաւատայ, թէ չարութեան գայթակղութիւնը ինքնին եկաւ մեր աշխարհ. եւ եղծեց ապականեց մարդկային ընկերութիւնը։ Ո՛չ, չարութիւն իւրաքանչիւր ծնողք բերին յաշխարհ ու աւանդեցին իրենց զաւակաց, եւ զաւակները` թոռներուն. ու այսպէս ընտանեկան շրջանէն սկսելով տարածուեցաւ ու ծաւալեցաւ մարդկային ընկերութեան մէջ` չարութեան ժանտ ու ապականիչ սերմերը։
Մենք չենք խօսիր աստ սկզբնաշար նախանձուն վերայ, որով առաջին մահ եւ գայթակղութիւն մեր աշխարհ մտաւ. այլ կը խօսիմք այն ամէն նորածին գայթակղութեանց վերայ, զորս ակներեւ կը տեսնամք թէ մարդիկ կը ծնին զայնս ու կը բղխեն իրենց չար գանձուց սրտէն եւ կը կարծեն թէ չարութիւնը ինքնին ծնունդ առած է, առանց մարդոյն ձեռաց, զի ասաց Քրիստոս, «Վա՜յ մարդոյն այնիմկ, յոյր ձեռն գայցէ գայթակղութիւն»։
Ուստի ամէն ջանք ու խնամք պէտք է տանին ծնողք բարի մշակուեամբ ընտանեկան կեանքի պարտիզէն խլել, ու չքացնել արասերմ բոյսերը, գիտնալով, որ միայն իրենք են իրենց պարտիզին դարմանող մշակները, ուրիշ ոչ ոք չիկայ։
Կարի յոյժ կը սխալին այն ծնողք, որ զաւակաց դաստիարակութեան պարտուց բեռը` դպրոցին եւ մանկավարժից վերայ կը թողուն, որոց պարտականութիւնն` միայն ուսուցանե լըն է, զի մանկավարժները միայն մտքին հետը կը խօսին, սրտին եւ հոգւոյն հետ բան չունին։ Այդպիսի ծնողք թերեւս այնպէս կը կարծեն, թէ առանց ծնողական սիրոյ կամ հեղինակութեան ընտանեկան կեանքէն դուրս` դաստիարակութիւն կայ աշխարհիս վերայ. եւ կամ օտար վարձկան մարդը` որչափ բարի ու հաւատարիմ կը լինի թող լինի, կարող է ի բնութենէ այնպէս սիրել ու կրթել ինչպէս գորովասիրտ ծնողք, որոց միայն տուեր է բնութիւնը ծնողական սրտին բուռն սիրոյ բնական զգացումն։
Եթէ ծնողք դեռ հնապաշար մտքով այնպէս կը հաւատան, որ իրենք միայն զաւակ ծնին. եւ դպրոցը դաստիարակէ։
Ուրեմն Յիսուսի խօսած Աւետարանական վճիռը երկբայելի է։ Զի նա կը խօսի հովիւներու համար թէ «Վարձկան է եւ չէ նմա փոյթ վասն ոչխարաց»։ Եւ դուք կը հաւատա՞ք, ո՛վ հայրեր եւ մայրեր, եթէ ձեր ընտանեկան գաւթին մէջ ծնած այն մատաղ գառնուկներու համար ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ աւելի հոգատար սիրտ եւ ձեռք կայ աշխարհիս վերայ։ Ո՛չ բնաւ, կը ստրջանայք եւ կը խաբուիք դուք, եթէ այդպէս կարծէք, վասն զի եթէ ամէն հայր եւ ամէն մայր նոյն ծնողական գորովով` կարենային բնապէս սիրել ուրիշին ծնած զաւակը, աստի մի ուղիղ հետեւութիւն հանելով կ՚ըսեմք` թէ ուրեմն խորթ մայրը ծներ է։ Եւ եթէ տակաւին չէք համոզուիր, ապացոյց կը խնդրէք, ուշի ուշով նկատեցէք այն երկու մանկաբեր կիներուն բողոքն ու դատաստանը, որ առաջին անգամ Սողոմոնին ատեանը ելաւ, եւ այն իմաստուն վճիռը արձանագրեց Սուրբ Գիրքը որոյ վերայ աշխարհիս դատաւորները կ՚ապշին։
Գիտցէք նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան մէջ կատարեալ կրթութիւնը` ծնողաց կենդանի կեանքն է, եւ ոչ թէ դպրոց այդ գործնական կեանքը որչափ ուղղութեամբ վարի, ուղիղ շաւղով քալէ, այլեւս ո՞վ կը տարակուսի, որ զաւակները խոտորին ծնողաց ուղղագիծ շաւղէն։
Որչա՞փ զարմանալի է, եւ արժան է իսկ եթէ ապուշ համարինք այն ծնողքը. երբ իրենք կրթական կեանքին ուղղութենէն շեղելով միակողմանի կը քալեն. եւ կը պահանջեն, որ իրենց զաւակները ուղղութեամբ քալեն. որոց համար շատ յարմարագոյն է Խեչափառին առակը. որ խրատ կուտար իւր ձագուն ուղիղ քալել։ Ճարտար ձագը իսկոյն պատասխան կուտայ. «Հայր, ես կը տեսնամ քո միակողմանի քայլելը»։
Արդ, եթէ ճշմարիտ եւ գործնական կրթութիւնը` ընտանեկան կեանքի մէջ միայն ծնողաց անխոտոր շաւիղ եւ ուղղավար կեանքն է, ուրեմն կնքելով մեր ճառը, այս խրատն աւանդենք ամէն ծնողաց, որ նախ իրենց կեանքն ուղղեն եւ ապա իրաւունք ստանան իրենց զաւակները խրատելու։ Վասնզի իրենք երբ կրօնի պարտաւորութեանց մէջ գաղջ եւ մեղկ են, թող չը սպասեն որ Կիրակի առաւօտ զաւակները իրենցմէ կանուխ Եկեղեցի երթան, եթէ զեղխ ու շռայլ են, թող չը յուսան, որ նոքա սակաւապէտ եւ խնայիչ լինին, եթէ արբեցող եւ անառակ են, ո՛վ կ՚ակնարկէ, որ որդիքները պարկեշտ ու համեստ լինին. եթէ անգործ, անաշխատասէր են, ով չգիտեր որ զաւակները աւելի եւս անհոգ դատարկաշրջիկ կը լինին եւն։
Ահա այսպէս ծնողաց յոռի ըեանքը` զաւակներուն կը թափանցի իբրեւ ժառանգութեան ախտ, նոյնպէս բարի ծնողաց առաքինի կեանք ժառանգութիւն կը մնայ որդւոց յորդիս, որով թէ ընտանեաց եւ թէ ազգին ու ժողովուրդին համար բարի զաւակները կը պատրաստեն եւ ճշմարիտ հայր ու մայր եւ բարի դաստիարակ կը հանդիսանան աշխարհիս վերայ, որոց յիշատակը միշտ օրհնութեամբ լի է։
Աղբյուր՝ Digilib.am