1954-ի այդ պահը շատ լաւ կը յիշեմ։ Պէյրութի ծոյլ և հրաշալի ամարնամուտի յետ-միջօրէն մեր դպրոցի ծովահայեաց բարձունքէն ուրիշ բաներ կը խոստանար մեզի, երբ մեր պատկառելի ուսուցիչը իր անդրդուելի պահանջկոտութեամբ կ՚ըստիպէր, որ հետևէինք Ինտրայի տողերու բարդ հիւսուածքին.
«…Կծկուած սայլին խորը, որ կ՚երթար արհաւիրքին յարաճուն մեծութեանը մէջ, մտիկ կ՚ընէի մենամոլ Ծովուն առասպելային բառը, ողբաձայն արձագանգներով երկարաձգուած…»
Ամպիոն կանչուած էր մեր դասընկերուհին՝ Յասմիկը, որ ակնյայտօրէն մեծ ճիգ կ՚ընէր նախադասութեան կշռոյթէն դուրս չիյնալու և միաժամանակ ձիաթամբին ամուր կառչած մնալու…
«…Իր միակ անհուն բառը, իր համադրահոծ անվախճան վանկը կ՚աղաղակէր Ծովը. ի՞նչ թովիչ ոգում էր ան. իմաստներու ի՞նչ զարհուրելի սաւառնումով մը լեցուն էր մշտնջենաւոր կորճային բառը, զոր Ծովը, ձեանհիւսքերով վագրշերտուած, հորիզոններէն կու գար թաւալակոծ ոռնալու թախծալի ցամաքին, զոր լեսուրներուն վրայ խռուահոծ արշաւող փրփուրը կը շշնջէր, զոր ալիքներու սաւառնաթև շարքերուն կործանումներով կռանօրէն կը տրոփէր յիմարական ու աստուածային Ծովը…»
— Հիմա հասկցա՞ր, խելացի՛…կողմնակի փսփսաց քովէս դասընկերս՝ Վաչէն, որ գիտէր ծանրակշիռ կացութիւններէն դուրս հանել մեզ իր աննման սրամտութեամբ։ Եւ աւելցուց.
— Վաղը ծո՛վ իջնենք, ըսաւ. ես աս մարդուն ծովէն բան չհասկցայ…
Ծո՛վ իջնենք… Այնքա՜ն բաբախուն, այնքա՜ն սրտամօտ այս երկու բառերը, որոնք կ՚արտասանուէին առօրէական պարզութեամբ և րոպէներու ընթացքին կը դարբնուէր որոշումը խմբովին դիմելու դէպի ծովափ. այսինքն՝ աւազներու և ալիքներու քրքջուն ժամադրավա՛յրը։
Եւ իսկապէս դասարանին պատուհանէն, իր երազային շղարղներով կախարդող կապտակապոյտ Միջերկրականն էր. տևապէս պչրոտ այս ջրատարածութիւ՛նը՝ որ կը հերքէր ամէն մտահոգութիւն, կ՚անհետացնէր ամէն պալար, կ՚արթնցնէր մեր պատանի օրերու բոլոր անզուսպ բնազդները։ Ինտրայի Ծովը գլխագրուած հրէշն էր, որ մտածել գիտէր, որ մտածել կու տար… Ինտրայի խլրդային խորքերուն մէջ շարունակ կը փոթորկէր ան փնտռելով անկարելի բառը…Ասիկա այն ծովը չէր, զոր մենք գիտէինք, որուն մէջ կը նետուէինք կատաղի հարայ-հրոցով և որուն հետ մեր անվերջանալի սիրաբանութիւնը, օր ու գիշեր, կը լեցնէր մեր ամառը։
Ուսուցիչը, որուն մասին կը խօսիմ, հսկայ ներկայութիւն մըն էր մեր կեաքերուն մէջ։ Սասնոյ ապառաժներէն կոփուած իր հասակը դանդաղ քալուածքով մուտք կը գործէր դասարանին դռնէն՝ իր կաղ ոտքը քարշ տալով և իր գաւազանը՝ թևէն կախ։ Մէկ ձեռքին մէջ բռնած կ՚ըլլար իր առասպելական ծխամորճը, իսկ միւս թևին տակ՝ գրքե՛ր։ Կարծր յեղափոխականի իր անցեալը կը ճառագայթէր իր ողջ անձնաւորութենէն և իր հայրական թաթը մեր ուսերուն վրայ էր միշտ, երբ կ՚ըսկսէր քակել մեր լեզուին գաղտնիքները։
— Ջորեպաննե՛ր, կ՚ըսէր ան իր փաղաքուշ կշտամբանքով. դուք պիտի սովրի՛ք ձեր պապերուն լեզուն…Դուք պիտի մտնէ՛ք Ինտրայի Ծովը…
Թափանցել խորերը Ինտրայի մտաշխարհին, բռնել Ինտրայի բառերուն ալիքը և կարենալ սլանալ իր քամիներուն բացուած մեր վտիտ առագաստներով բաւական մեծ մարտահրաւէր մըն էր այդ պահուն, որուն մեզմէ ոչ ոք պատրաստ էր ընդառաջելու մեր քաղաքի այդ գերազանցօրէն քաղցր յետ-միջօրէի դաւադիր թելադրանքներով։ Այնուամենայնիւ խորհուրդ մը կար, որ կ՚անցնէր մեր գիտակցութեան շերտերէն շատ անդին։ Խորհուրդ մը ՝ որ մեզի կու գար գիրին տիրապետութենէն անկախ, անգիրին հրաշքով։ Տարիները ցոյց տուին, որ մեր ուսուցիչը գիտէր մտնել այդ ոլորտը. գիտէր սանձել մեր ուշադրութիւնը. գիտէր թամբել վայրի ձիերու այս երամակը. և գիտէր այդ բոլորը ընել քաղցրութեամբ, համբերութեամբ և անհուն սիրով։
Ինտրան, իր Ծովը, ամարնամուտի այդ հրաշալի յետ-միջօրէն և մենք ի վերջոյ պիտի գտնէինք զիրար յաւերժօրէն անհասկնալի և սակայն անսխալ քիմիաբանութեամբ մը շնորհիւ մեր բազմերախտ ուսուցչին՝ Կարօ Սասունիի կուռ և անսասանելի հաւատքին, իմաստութեան և վճռակամութեան։ Յարգա՜նք իր յիշատակին։
Կարօ Արմենեան
Աղբյուր՝ ԻՆՏՐԱ-Տիրան Չրաքեան ֆեյսբուկյան էջ: