ԵՐԲ ԻՐԿՈՒՆՆ ԷՐ ՄԵՐ ԳԵՂԻՆ
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին,
Կ՚իջնէր շուքը կապուտակ, կապուտակ շուքն երկնքին։
Արտերուն մէջ հնձուած՝ կար դէզերու շուքն երկար,
Միջոցին մէջ խոտի հոտ, միջատներու ժխոր կար,
Կար բառաչը կովերուն հորթի կարօտն աչքերուն։
Նոր հերկուած արտերուն ու բուրող թարմ շեղջերուն՝
Կը թափէր ներկն արևին, ներկը ոսկի ու դեղին,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին։
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին,
Կը լեցուէին ճամբաներն ժիր բանուորները հողին։
Օ՜հ, ճամբաները ճաճանչ, էն ճամբաները կանանչ,
Ուր կ՚իջնէին լծուորներն իրենց յոգնած եզներով
Ու ջրուորներ ջահիլ, ծեր, բահերու յաղթ շուքերով։
Կար խոփերու հնչեղ ձայն, փայլն արևոս մանգաղին,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին,
Կարծես երկնուց կ՚իջնէր վար, երկնի ճամբան յարդգողին։
Էդ կալերուն ճամբան էր, ճամբաներուն էն բարին,
Ուրկէ կու գար հունձքն արդար, կու գար ցորենն ու գարին։
Ու կ՚անցնէին աղջիկներն շիկնոտ ու նոր համբուրուած,
Աղուոր հարսներ լուսնկայ գիշերներէն ծոցուորած,
Էդ ճամբուն մէջ միշտ երգ կար, փշատի հոտ ու մժեղ,
Եզներ յոգնած ու ծանր, մշակներ պինդ ու ուժեղ։
Թռչուններու երամներ կ՚իջնէին վար կալտեղին,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին։
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին,
Կը քակուէր վար լայն գօտին սուրբ Օհանի սար մէջքին.
Այգիներու ճամբան էր, ճամբան զմրուխտ ու նաշխուն,
Ուր կ՚անցնէին սայլերը կթոցներուն մէջ լեցուն
Ծանր ու խոշոր խաղողի ողկոյզները եօթը գոյն։
Արևն իրենց մէջ բռնած սաթ աչքերու պէս արդէն
Պտուղներ քեզ կը նային, կարծես հիմա պիտ թարթեն։
Նաւասարդեան ծէս մը կար աղջիկներու ժպիտին,
Ճզոցին մէջ սայլերուն ու հարսներու քալուածքին։
Ու ճագարի վազք մ՚ահա սուրբ Օհանի սար կողին,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին։
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին,
Գերեզմանի ճամբայէն, մինակ ճամբան երկնքին,
Ժամկոչն էր որ կ՚իջնէր գիւղ պարապ դագաղ մը շալկին։
Գերեզմաննոցն էնտեղ էր փլած վանքի ճիշտ կողքին.
Էդ ճամբէն էր քարքարուտ որ գեղն ամբողջ յամրաքայլ
Յուղարկաւոր կը դառնար, ետև ձգած արտ ու կալ։
Կար խունկի հոտ, շարական, նաև գաղտնիքը մահուան,
Որ մեռելը լոկ գիտէր, գիտէր երկնուց կարճ ճամբան։
Ու այծ մ՚ահա կը ցատկէր վանքի փլած հաստ պատէն,
Կամ կաքաւ մը թև կ՚առնէր ճիշդ ոտքերուդ շատ մօտէն,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին։
Էդ բոլորին, բոլորին վրայ զանգն էր մեր գեղին,
Որ կը զնգար, կը հասնէր սուրբ Օհանի սար կողին։
Զանգատան զանգը զնգան, օղակ օղակ ու ղօղանջ
Կը ղօղանջէր, կ՚ալիքուէր, կ՚ալիքուէր կանչ ու կանանչ,
Կը տարածուէր հերկերուն, դեռ նոր ցանուած սերմերուն,
Խաղաղութեան լուռ, բարի ալիքներուն պէս ծփուն։
Մինչ գիւղին շուրջ կը դառնար աղուոր երամն աղաւնեաց,
Ծխաններու ծուխերուն ու ղօղանջին խառնուած։
Էնտեղ ժամու բակին մէջ ծեր մշակն իր կօշիկն հին
Կը զարնէր ժիր հաստ ծառին, թօթուելու հողն ու փոշին,
Երբ արևը կ՚իջնէր վար, երբ իրկունն էր մեր գեղին։
ՀԱՄԱՍՏԵՂ
“Այծետոմար և Ուրիշ Բանաստեղծութիւններ”, Մատենաշար “Յուսաբեր”, Թիւ 99, Գահիրէ, 1960
ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ՀԵՏ
Իմ ուսանողութեան առաջին տարին էր Պոսթընի մէջ, առաջին խիստ ձմեռը՝ զոր դժուարաւ յաղթահարեցի Միջերկրականի գաղջ արևը իմ ետին թողած։ Պէյրութի արևկող մայթերէն ետք, Պոսթընի փողոցները մութ էին, խոժոռ, անթափանցելի։ Բայց հասաւ գարունը և մենք մեր դասարաններու պատուհաններէն տեսանք անոր տատամսոտ մուտքը։ Սառցահալը ամէն օր աւելի կը բանար մայթերու թաց մերկութիւնը։
Իր “Այծետոմար” խորագրեալ հատորին մակագրութիւնը կը կրէ Ապրիլ 15, 1962 թուականը։ Ուրեմն այդ օրն էր, որ ես այցելեցի իրեն։ Իմ հեռաձայնիս պատասխաներ էր Տիկ. Սրբուհին և իր ջերմ ու սիրառատ բառերով ընկալուչը փոխանցեր Վարպետին և նոյն վայրկեանին տեղի ունեցեր էր հրաշալի բան մը։ Ես ինքզինքս կը գտնէի Համաստեղ ընտանիքի մտերմութեան մէջ առանց որ նախապէս որևէ կապ եղած ըլլար մեր միջև։ Այդ մէկը եղաւ իմ առաջին և վերջին այցս իրեն։ Ուսանողական կեանքի դժուարին հևքը պատճառ դարձաւ, որ իմ յաջորդ այցս տևաբար յետաձգուէր։ Թէև թէ՛ Տիկ. Սրբուհիի և թէ՛ Համաստեղի բազմաթիւ զանգերը (ստուգելու համար, թէ որևէ դժուարութեան մէջ չէի՞) միշտ ներշնչող և խրախուսող եղան։
Համաստեղներու տունը, որ կը գտնուէր Մետֆըրտի արուարձանային խաղաղութեան մէջ, հայութեամբ բաբախող բոյն մըն էր, որմէ ներս կը մտնէիր հարազատի զգացումով և ինքնավստահութեամբ։ Տիկ. Սրբուհի Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական դէմքերէն էր և Համաստեղներու բնակարանը՝ գաղութահայ կեանքի նեարդային կեդրոններէն մէ՛կը։ Հետևաբար առաջին րոպէէն իսկ մեր խօսակցութիւնը անցաւ հորիզոններէն անդին, կտրեց ովկիանոսներ, կանգ առաւ հայ կեանքի բոլոր հարցականներուն վրայ։ Երբ ընթրիքը վերջ գտեր էր և մենք կը վայելէինք անմահական սուրճը, Համաստեղ առաջարկեց, որ հետևէի իրեն և մենք իջանք վարի յարկը, ուր Համաստեղի գրքերուն անծայրածիր տիեզերքն էր…և Վարպետին խոհերու աշխարհը։
Մեր խօսակցութիւնը անհամար ժամերու ծաւալով նստած է յիշողութեանս մէջ։ Համաստեղ կ՚ապրէ՛ր մեր գիրը։ Ան կ՚ապրէր մեր պատմութիւնը։ Ան կ՚ապրէր մեր բնաշխարհը։ Գիտէր լոյս տեսած և ընթերցման արժանի ամէն մէկ գիրք։ Մօտէն կը հետևէր մեր մամուլին, երկրագունտի ողջ տարածքին։ Գիտէր ամէն վտիտ առընչութիւն մեր գոյութեան հետ “երկրի և երկնի” ոլորտներէն ծնունդ առնող։ Գրչի իր պարզութիւնը ան շահած էր մտքի դժուարին կածաններ նուաճելով։
Համաստեղեան յուզաշխարհը Սփիւռքի մեր գրականութեան հրաշալի մէկ իրողութիւնն էր։ Անհասկնալի և անպարտելի բարութի՛ւն մը՝ որ ծներ էր մեր հայրենի մարդաշխարհի արթէզեան ջրհորներէն և վերածուեր՝ յորդառատ գետի։ Այդ բարութիւնը մեր կեանքի հակամշակոյթն էր։ Մեր հայրերը ծներ էին հայաջնջումի գեհեններէն։ Մեր կեանքին մէջ կար վրէժ և ատելութիւն։ Եւ անյատակ տխրութիւն։ Եւ սակայն նոյնքան հրաշալի երևոյթ մը եղաւ ծնունդը Համաստեղի ընթերցողին…Առեղծուած մըն էր այս մէկը, որ տակաւին կը կարօտի ուսումնասիրութեան։ Համաստեղի տողերը դարձան ամէն մէկ մարդու քաթարսիսը։ Անոր գրքերը սիրուեցան բոլորին կողմէ։ Անոր հերոսները մտան բոլորին տուներէն ներս և դարձան ընտանի անդամներ։ Իր Սպիտակ Ձիաւորը մեր հայրերու կեանքին ընկերակիցն էր։ Հայրս և իր ընկերները չուզեցին ընդունիլ Համաստեղի հերոսին մահը և այդ մէկը “չներեցին” հեղինակին…Յետոյ նաև խոր ափսոսանքով ընդունեցին Համաստեղի՛ն անժամանակ մահը։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս ամէն տուն ինկաւ խոր սուգի մէջ։
Մեր խօսակցութեան նիւթը այդ յառաջացած ժամուն Սփիւռքի բանաստեղծութիւնն էր։ Երբ պահ մը լռեր էր ան, ես հարցուցի իր “Երբ Իրկունն Էր Մեր Գեղին” բանաստեղծութեան մասին։ Ես զայն հաճոյքով և զարմանքով կարդացեր էի “Նայիրի” շաբաթաթերթին մէջ։ Հրաշալի անակնկալ մըն էր։ Համաստեղ տեղ գրաւեր էր հայ գրականութեան մէջ առաւելաբար որպէս արձակագիր։ Բայց ան ունէր նաև փունջ մը բանաստեղծութիւններ, որոնք կը գրաւէին այդ օրերու կարօտաբաղձ ընթերցողը իրենց պարզութեամբ և քնքշութեամբ։ “Իրկուն”ը անոնցմէ մէկն էր և ես ուզեցի, որ Համաստեղ բարձրաձայն կարդար զայն ինծի…Ես երևի միակ մենաշնորհեալն էի աշխարհի մէջ, որ պիտի լսէր անոր բառերը իր հարազատ հնչիւններով…Կ՚ափսոսամ, որ այդ օրերուն չկային այսօրուան այֆոնները։ Ձեռքի հեռախօս հասկացողութիւնը առհասարակ կը պատկանէր Ժիւլ Վեռնի վէպերուն։ Համաստեղ իր գրադարանէն դուրս քաշեց նոր լոյս տեսած “Այծետոմար”ը, որուն մէջ կը գտնուէր “Իրկուն” քերթուածը։ Այս պահուս, մտքիս մէջ քանդակուած են իր բառերը, իր դէմքը, իր շեշտադրումները և յաճախակի իր ժպիտը իր իսկ բառերու կախարդական սահանքէն ծնած…Համաստեղ ուրախութեամբ աւարտեց ընթերցումը և արդէն կը մակագրէր գիրքը, երբ խնդրեցի իրմէ, որ ստորագրէր նաև բանաստեղծութեան տակ…Ստորագրե՛ց։
Այսօր, “Այծետոմար”ի այդ օրինակը կը գտնուի իմ դուստր Լորիկի գրադարանին մէջ։
ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ՀԵՏ ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Օգոստոս 9, 2020