Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին,
Մեր շուրջը կը խօսին այլօրէն,
Եկ խօսի՛նք, եղբա՜յր իմ, հայերէ՛ն:
Կուլ չերթանք այս ահեղ լափումին,
Թոյլ չըտանք մեր լեզուն աւերեն,
Եկ խօսքի՜ն, եղբայր իմ, հայերէ՛ն:
Մենք ունինք մեզ հսկող Մասիս սար,
Այդ սարը կու գայ խոր դարերէն,
Ան անվերջ կը խօսի հայերէ՛ն:
Զաւակդ հայկական դպրոց տար.
Եկ գրենք մեսրոպեան տառերով,
Եկ խօսինք մեր անոյշ բառերով:
Մեզ ցրուեց բազուկ մը անօրէն,
Թէ կ’ուզես սերունդներ մեզ ներեն,
Մենք Հա՛յ ենք, եկ խօսինք հայերէ՛ն:
Այս օտար աշխարհի ցուրտերուն,
Եկ սիրենք մեր լեզուն ջերմօրէն,
Եկ վառե՜նք ու վառինք հայերէ՜ն: