Գրիգոր Զոհրապի մահվան նկարագրությունը Երվանդ Օտյանի վավերագիր-հուշագրությունում
Պոլիսէն մինչեւ Ուրֆա, իրենց ցաւատանջ ուղեւորութեան միջոցին, երկու նահատակները, Զօհրապ եւ Վարդգէս, գուրգուրոտ ակնածանքով մը ողջունուած են Հայերուն կողմէ: Երբ իրենց աքսորումէն երկու ամիս ետքը ես ալ նոյն ճամբով մինչեւ Հալէպ գացի, տեսայ, որ իրենց յիշատակը ամենուն մտքին մէջ դեռ վառ մնացած էր: Գոնիա, Ատանա, Հալէպ, ամէն տեղ այդ անդրանիկ զոհերուն վրայ կը խօսէին: Հակառակ ոստիկանական հսկողութեան` շատ Հայեր, վտանգը աչք առնելով, գացած տեսնուած էին իրենց հետ ու հիմա երկիւղածութեամբ կը վերյիշէին անոնց վերջին խօսքերը:
Ամէնուն վրայ խորին տպաւորութիւն թողած էր Զօհրապի ընկճուած վիճակը. մինչ Վարդգէս զուարթ անտարբերութեամբ եւ ծիծաղկոտ դէմքով մը կը շատախօսէր իրենց մօտեցողներուն` Զօհրապ հազիւ լռութիւնը կը խզէր քանի մը խօսք արտասանելու համար: Ամբողջ ժամեր անընդհատ կը ծխէր, մտածմունքի մէջ ընկղմած:
Վարդգէս, միշտ լաւատես, կը ջանայ եղեր մխիթարել ու սրտապնդել իր բարեկամը, բայց ի զո՜ւր:
— Մեզի մեռցնել կը տանին, — կը կրկնէ եղեր Զօհրապ:
Հալէպի մէջ, Պառօն Օթելի տէրը` Պ.Մազլըմեան, քանիցս ճաշի կը հրաւիրէ երկու տարագիրները, որովհետեւ հոն գտնուած ատեննին բաւական լայն ազատութիւն տրուած է եղեր իրենց: Տիկին Մազլըմեան պատմած է ինծի, թէ սեղանին վրայ ախորժակով կուտէր Վարդգէս, մինչդեռ Զօհրապ հազիւ քանի մը պատառ կառնէր, ան ալ ստիպումներով: Յաճախ լալով կը յիշէր իր կինն ու զաւակները:
Զօհրապ իր ձերբակալման պարագաները պատմած է Պ.Մազլըմեանին: Կարժէ, որ յիշենք զանոնք:
Ձերբակալման գիշերը Զօհրապ Սէրքլը տրիանի մէջ մինչեւ կէս գիշեր թուղթ խաղացեր է Թալէաթ փաշայի եւ Խալիլ պէյի հետ: Յետոյ ոտքի կելլէ մեկնելու համար: Թալէաթ ինքն ալ ոտքի կելլէ ու մօտենալով Զօհրապի` անոր երեսը կը համբուրէ:
Համակրանքի այս անսովոր ցոյցը կը շփոթեցնէ Զօհրապը:
— Ինչո՞ւ համար այս համբոյրը, — կը հարցնէ:
— Սրտէս բխաւ, — կը պատասխանէ միւսը:
Զօհրապ դուրս կելլէ սրահէն չափազանց յուզուած: Նախազգացումը կունենայ, թէ այդ համբոյրը աղետաւոր նշան մըն է:
Դուրսը տաք ու գեղեցիկ գիշեր մըն էր: Կորոշէ հետիոտն երթալ մինչեւ իր` Այազ Փաշայի բնակարանը:
Հազիւ ճամբայ ելած` կը նշմարէ, որ մէկը կը հետապնդէ զինքը: Պահ մը կը խորհի, որ թերեւս սխալ ենթադրութիւն մըն է ըրածը եւ փողոցին միւս կողմը կանցնի: Մարդն ալ կը հետեւի իրեն: Զօհրապ քայլերը կ՛արագէ, նոյնը կընէ զինքը հետապնդողը, վերջապէս` անհամբեր ետին կը դառնայ եւ կըսէ.
— Արդեօք զի?ս կը հետապնդէք:
— Այո,- կը պատասխանէ միւսը, որ ոստիկանութեան քօմիսէր մըն է եղեր:
— Ինչո՞ւ համար…
— Այնպէս հրաման եղած է ինծի:
— Գիտէ՞ ք, թէ ես ով եմ:
— Այո, Զօհրապ էֆէնտին:
— Բայց սխալմունք մը ըլլալու է,- կը գոչէ խեղճը,- ես հիմա Ներքին Գործոց նախարարին հետ էի…
— Կրնայ ըլլալ, բայց ինծի տրուած հրամանը բացարձակ է եւ ստիպուած եմ հպատակելու:
Զօհրապ, ճարահատ, ճամբան կը շարունակէ ու կը հասնի բնակարանը, որուն դրան առջեւ ոստիկան մը կը սպասէր:
Քօմիսէր եւ ոստիկան ափարթըմանին սանդուխներէն վեր, կը հետեւին իրեն:
— Ի՞նչ է ձեզի տրուած հրամանը,- կը հարցնէ Զօհրապ:
— Ձեզ ոստիկանատուն տանիլ:
— Հիմա՞, անմիջապէ՞ս…
— Այո, անմիջապէս:
— Եւ եթէ երթալ չուզիմ:
— Այն ատեն բռնի պիտի տանինք:
— Չէ՞ք գիտեր, որ ես մէպուս եմ:
— Գիտենք, բայց մեզի տրուած հրամանը բացարձակ է:
Քօմիսէրը կը յայտնէ նաեւ, որ հետեւեալ առտու իսկ, այսինքն քանի մը ժամէն, ճամբայ պիտի ելլէ, հետեւաբար անհրաժեշտ գոյքերը կրնայ հետը առնել:
Զօհրապ կը մտնէ իր բնակարանը, ձայն կուտայ իրեններուն, եւ ափյափոյ պայուսակ մը պատրաստելէ ետքը կուգայ կը յանձնուի երկու ոստիկաններուն, իր կնոջ ու աղջկան ողբ ու կոծին միջեւ:
Նոյն միջոցին եւ քիչ մը տարբեր պայմաններու մէջ կը ձերբակալուի նաեւ Վարդգէս, եւ առտուն կանուխ երկուքը միասին կը բերուին Հայտար Փաշայի կայարանը: Իրենց կընկերանան եղեր ոստիկան մը եւ սիվիլ հագնուած լրտես մը:
Ոստիկանը կուզէ երրորդ կարգի վակօնի մը մէջ մտցնել երկու աքսորականները, Վարդգէս եւ Զօհրապ կընդդիմանան: Ոստիկանը կը պնդէ, առարկելով, թէ վակօնը յատկապէս պատրաստուած է իրենց համար: Երկու տարագիրները ձայն կը բարձրացնեն ու կը պահանջեն, որ առաջին վակօնով մը տարուին:
Երկու կողմէն ձայները հետզհետէ կը բարձրանան: Ի վերջոյ Զօհրապ գրպանէն 25 ոսկինոց թուղթ մը կը հանէ, ոստիկանին կուտայ եւ կըսէ, որ առաջին կարգի չորս տոմսակ առնէ իրենց համար:
— Եթէ ոչ, — կըսէ, — տեղ մըն ալ չեմ երթար:
Ոստիկանը կը ստիպուի տեղի տալ, անշուշտ 25 ոսկիէն աւելցած գումարն ալ գրպանելու յոյսով:
Ու այսպէս ճամբորդութիւնը կը կատարուի առաջին կարգով:
Հայտար Փաշայի կայարանին Հայ պաշտօնեաները ճանչնալով Զօհրապը, կերթան իմաց տալու Պ. Անտօն Թարաքի, որ կը փութայ վար իջնել, առանց գիտնալու, թէ Զօհրապ ինչ պարագաներու տակ կը ճամբորդէ: Այս վերջինը, երբ կը նշմարէ Պ. Թարաքը, որ դէպի իրեն կուգայ, ձեռքովը նշան կընէ, որ չմօտենայ: Պ. Թարաք, որ վերադարձիս այս մանրամասնութիւնը պատմեց, աւելցուց.
— Խեղճ Զօհրապը չափազանց յուզուած, տժգոյն եւ ընկճուած տեսայ:
Վակօնին անկիւնը քաշուած, լուռ ու մունջ, անընդհատ կը ծխէր, մինչեւ կառախումբին ճամբայ ելլելը:
* * *
Գոնիա հասնելնուն` երկու տարագիրները ընդունուած են մէկ քանի Հայերու կողմէ, որոնք փութացած են իրենց ձեռքէն եկած օգնութիւնը ընելու, հակառակ սպառնացող վտանգին:
Ոստիկանները թոյլ տուած են տեսակցիլ պայմանաւ, որ թուրքերէն խօսին: Այդ պայմանին տակ բնականաբար խօսակցութիւնը շատ աննշան եղած է:
Ատանա նոյնպէս հայրենակիցներ, իմանալուն երկու ծանօթ Հայերուն ժամանումը, փութացած են կայարան: Իրենցմէ մէկը, Միհրան Պօյաճեան, ծանօթ վաճառական մը, մօտակայ կայարանի մը համար տոմսակ առնելով, յաջողած է Զօհրապի ու Վարդգէսի հետ տեսակցիլ հայերէն լեզուով, եւ հարցնել, թէ ի՜նչ ծառայութիւն կրնայ մատուցանել իրենց:
— Մեր ընտանիքներուն լուր տուէք ասկէ անցնելնիս, ըսած է Զօհրապ,- ուրիշ ծառայութիւն չենք սպասեր ձենէ:
-Դրամի եթէ պէտք ունիք, յայտնեցէք:
— Չէ, շնորհակալ ենք, դրամի պէտք չունինք առ այժմ:
— Ո՞ւր կը տանին ձեզ:
— Տիարպէքիր, դատուելու համար, բայց չեմ կարծեր, որ մինչեւ այնտեղ հասնինք:
Եւ Վարդգէս զուարթ ձայնով աւելցուցած է.
— Տիարպէքիրի բանտը արդէն ծանօթ է ինծի, աղէկ բանտ մը չէ, բայց աւելի գէշերը կան: Կը տեսնաք սա գորգը,
Տիարպէքիրի բանտին մէջ իմ ընկերս եղած է, հիմակ ալ միասին կերթանք կոր: Հին բանտակիցներ ենք:
Հալէպի մէջ, ինչպէս լսի, Զօհրապ եւ Վարդգէս բաղդատաբար բա-ւական ազատութիւն վայելած են, շնորհիւ կուսակալին, որ Զօհրապի հին ծանօթ մըն է եղեր:
Այդ ազատութենէն օգտուելով` տեղացի մէկ քանի հայեր ծրագիրը կը յղանան փախցնելու երկու տարագիրները:
Յանդուգն ծրագիր մը թէեւ, բայց ոչ անգործադրելի: Արաբ ուղտապաններու միջոցաւ երկու աքսորականները Պէյրութ կամ Տրիպոլիս փոխադրել կառաջարկեն ու հոնկէ նաւով Կիպրոս անցնիլ: Այդ միջոցին Սուրիական ծովեզերքներու վրայ հսկողութիւնը շատ խստացած չէր ու այդպիսի փախուստ մը կրնար յաջողիլ: Վարդգէս հաւանութիւն կը յայտնէ, սակայն Զօհրապ կընդդիմանայ ու բացարձակապէս կը մերժէ, առարկելով, թէ իր առողջութիւնը չի ներեր այդպիսի արկածախնդրութեան մը մէջ նետուիլ:
— Եթէ կուզես` դուն փախիր,- կըսէ Վարդգէսին:
Բայց Վարդգէս չհաւանիր երբեք իր բարեկամը լքանելու:
— Ինչ որ ալ ըլլայ, քենէ չեմ բաժնուիր, — կը պատասխանէ:
Զօհրապ ան ատեն կը մտածէ դիմում ընել Ճէմալ փաշայի եւ անոր աջակցութիւնը խնդրել եւ այս մտքով գիր մը կուղղէ Սուրիոյ դիկտատորին: Զօհրապի այդ վերջին գրութիւնը, պերճախօս թուրքերէնով մը գրուած, ինչպէս ինծի հա-ւաստեց Պ.Մազլըմեան, անպատասխանի եւ ապարդիւն կը մնայ եւ վերջապէս երկու աքսորականները Հալէպէն ճամբայ կելլեն դէպի Ուրֆա:
Չեմ գիտեր, թէ որչափ կը մնան Ուրֆա, թերեւս մէկ երկու օր միայն ու հոնկէ կառքով կը մեկնին դէպ ի Տիարպէքիր, միշտ ոստիկանական հսկողութեամբ:
Ահռելի եղեռնը տեղի կունենայ Ուրֆայէն քանի մը ժամ անդին: Թուրք չէթէներու խումբ մը կը պաշարէ կառքը:
Չէթէներու պետը, ինչպէս լսեցի Հալէպի մէջ, Խալիլ պէյը եղած է, Էնվէրի մէկ ազգականը, որ յետոյ Պաղտատի թրքական բանակին հրամանատար կարգուեցաւ, անշուշտ Զօհրապն ու Վարդգէսը սպաննելու քաջագործութեանը իբրեւ վարձատրութիւն:
Ոճրագործները կառքը կը կեցնեն եւ կը հրամայեն երկու աքսորաականներուն կառքէն վար իջնել: Զօհրապ կիջնէ, մինչ Վարդգէս կը պօռայ.
— Ոչ, վար չեմ իջներ, կառքին մէջ մեռցուցէք զիս:
Այսպէս կը նահատակուին Զօհրապ եւ Վարդգէս, հայ ազգին երկու ազնուական զաւակները:
Կառապանը, որ ինքզինք թուրք կեղծող հայ մըն է եղեր, կը վերադառնայ Հալէպ եւ ինք է, որ պատմած է եղելութիւնը իր մանրամասնութիւններով:
Չէթէները` բնականաբար` կը կողոպտեն իրենց զոհերը:
Զօհրապի նշանտուքի մատանին ու ժամացոյցը ծախուած են Հալէպի մէջ: Իր ֆէսը, կը գտնուի եղեր, չեմ գիտեր ինչպէս, միսիօնարուհիի մը քով:
Վարդգէսէն որեւէ հետք չէ մնացած:
Թող իրենց յիշատակը անջինջ մնայ ամենուս մտքին մէջ:
Աղբյուր՝ Hovikcharkhchyan